ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, Յունիս 27-ի առտուան ժամը 8-էն սկսեալ 24 ժամ տեւող նստացոյց կը կազմակերպուի Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի դեսպանատուներուն եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան դիմաց։
Նպատակը՝ Արցախի մէջ տիրող կացութեան վրայ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սևեռելը և ապօրինի շրջափակման յաղթահարման ուղղութեամբ անյապաղ գործողութիւններ ձեռնարկելու պահանջը լսելի դարձնելն է։
Նախաձեռնութիւնը կը կրէ «SOS Artsakh» անունը: