Յունիս 25-ին, տեղի ունեցաւ Փարիզեան շրջանի Լը Ռենսի քաղաքը գտնուող «Դպրոցասէր» հայկական վարժարանի շրջանաւարտներու վկայականներու յանձնումի հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ներկայ եղան Ռենսիի եւ մերձակայ Լիվրի Կարկանի քաղաքապետեր՝ Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէ եւ Փիէր-Իվ Մարթէն, Հայաստանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար Վարդուհի Սահակեան, Ֆրանսահայ թեմի անդրանիկ առաջնորդ Նորվան արք․ Զաքարեան, Լը Ռենսիի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, աշակերտներ եւ ծնողներ։
Դեսպանութեան ներկայացուցիչը շնորհաւորելով շրջանաւարտները յաջողութիւն մաղթեց անոնց։ Երախտագիտութեան խօսքեր ուղղուեցան տնօրէն Հայկ Սարգիսեանին, դպրոցի ուսուցիչներուն, «Դպրոցասէր»-ի Տիկնանց և բարեկամներու ընկերակցութեան՝ յանձին նախագահուհի Աղաւնի Սարիքայայի, Հայոց լեզուի եւ հայապահպանութեան գործին մէջ իրենց կարեւոր ներդրումին համար, ինչպէս նաեւ պետական պատկան մարմիններուն՝ ֆրանսահայ կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան ցուցաբերուող աջակցութեան համար։
Վկայականներու հանդիսաւոր բաշխումէն ետք, աւարտին՝ աշակերտները գործադրեցին գեղեցիկ յայտագիր մը։