Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Պորտօ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին բացումը կատարուած է

Յունիս 25-ին, Պորտոյի կեդրոնական հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցած է Հայկական խաչքարի բացման արարողութիւնը։ Ներկայ գտնուած են քաղաքապետ Փիէր Հիւրմիք, Լիոնի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեան, տեղւոյն եւ շրջակայ քաղաքներէն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Քաղաքապետը իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է. “Այո՛, Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է։ Այո՛, մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է այդ։ Պատմութիւնը զեղծող ոչ ոք հանգիստ պիտի մնայ, ցորչափ մենք անվհատ պիտի պատմենք դէպքերուն մասին”։    

Իր կարգին Հայաստանի հիւպատոսուհին ողջունած է « այնքան խորհրդանշական այս նախաձեռնութիւնը»։  Նարինէ Նիկոլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Արցախի իրավիճակին, նշելով՝ “120 000 հոգի, ի շարս որոնց 30 000 մանուկ պատանդ առնուած է”։ 

Խաչքարի հեղինակն է քանդակագործ Աւետիք Յունանեան։ Պատուանդանին վրայ գրուած է։ « A la mémoire des 1.500.000 arméniens victimes du Génocide de 1915 et aux martyrs du Haut Karabagh, aux arméniens morts pour la France» («1915-ի Ցեղասպանութեան 1.500.000 հայ զոհերու, Լեռնային Ղարաբաղի նահատակներու, Ֆրանսայի համար մահացածներու յիշատակին»):