Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Նոր Ղազանչի գիւղին մէջ, ապահովութեան նկատառումներէ մեկնելով, վարելահողերու մեծ մասը չէ մշակուած։
«Արցախփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին, Նոր Ղազանչի համայնքի ղեկավար Ռուսլան Առուստամեան յայտնած է, թէ «պատերազմէն ետք գիւղը յայտնուած է թշնամիի ուղղակի նշանառութեան տակ։ Համայնքին պատկանող վարելահողերը նոյնպէս կը գտնուին Ազերիներու մարտական դիրքերու թիրախին եւ կարելի չէ մօտենալ այդ տարածքներուն ու մշակել հողը։ Կրցած ենք շատ քիչ քանակութեամբ գարի, հաճար ու գետնախնձոր ցանել։ Եւ ամբողջ խնդիրը այն է, որ ձմռան ընթացքին պաշարը պիտի չբաւէ գիւղացիներուն»։
Համայնքապետը տեղեկացուցած է, որ շրջափակման պատճառով գիւղին մէջ վառելիքի, ալիւրի, ձէթի ու շաքարի խնդիր յառաջացած է։ Բայց խիստ անհրաժեշտ պարագային կամ հիւանդները շտապ Ստեփանակերտի բժշկական կեդրոններ հասցնելու համար շրջանային վարչակազմը վառելիք կը տրամադրէ։
“Պատերազմէն յետոյ շատ պակսած է անասուններու թիւը։ Բնակիչները առաջուան պէս չեն զբաղիր հողագործութեամբ։ Իւրաքանչիւրը միայն իր տնամերձ հողամասը կը մշակէ”,– նշած է Առուստամեան՝ ընդգծելով որ չար մարտահրաւէրները չեն խանգարեր, որ գիւղին մէջ նոր ընտանիքներ կազմուին։
Նոր Ղազանչիի փոքրիկ բնակիչ 10-ամեայ Թեմուր Առուստամեան պատմած է իր երազանքներու մասին։ Կ՚ուզէ, որ խաղաղութիւն տիրէ, որ կարենայ թուաբանութեան ուսուցիչ դառնալ ու դասաւանդել հայրենի գիւղի կրթօճախին մէջ։ Իսկ Թեմուրի մեծ հայրն ալ շարունակելով թոռնիկին խօսքերը կ՚ըսէ, թէ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող գիւղին մէջ բնակչութիւնը կառչած է իր հողին եւ երբեք չի մտածեր հեռանալ իր օճախէն։
Նշենք, թէ Մարտակերտի շրջանի Ճանկաթաղ եւ դրացի Կիչան, Նոր Ղազանչի գիւղերուն ուղղութեամբ՝ վերջին օրերուն ազերպայճանցի հրոսակներու արձակած կրակոցներէն վնասուած են բնակելի տուներ:
Լուսանկարները՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի