Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սումգայիթի մէջ սկսած է անցնող Մայիսին առեւանգուած հայ ռազմագերիներու դատավարութիւնը

Յուլիս 3-ին, Սումգայիթի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ սկսած է հայ ռազմագերիներ՝ Յարութիւն Յովակիմեանի եւ Կարէն Ղազարեանի դատավարութիւնը։ Լուրը հաղորդած են ազերպայճանական լրասփիւռները։

Հայ զինուորները անհիմն կերպով կ՚ամբաստանուին «Ազերպայճանի պետական սահմանը ապօրինի կերպով խախտելու» եւ այդ երկրի տարածքին իբրեւ թէ «ահաբեկչական գործողութիւն ծրագրելու» մեղադրանքներով: Կը հաղորդուի նաեւ՝ իբրեւ թէ «հայկական խումբը Ազերպայճանի սահման մուտք գործած է Զանգելանի (բռնագրաւուած Կովսական) շրջանէն»:

Հայ ռազմագերիներու նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած էր 2023 Մայիս 26-ին, երբ անոնք առեւանգուած էին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն: