Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Միրզոյեան եւ Գոլոնա քննարկած են Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները

Յուլիս 6-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ֆրանսացի իր պաշտօնակից Քաթրին Գոլոնայի հետ։ 

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ:

Արարատ Միրզոյեան ֆրանսացի գործընկերոջ ներկայացուցած է Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: Անդրադարձ կատարուած է առանցքային հարցերուն, մասնաւորապէս Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ պետական սահմաններու զատման, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հարցերուն՝ միջազգային մակարդակով քննարկման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական ու երթեւեկութեան ուղիներու ապաշրջափակման առնչուող հարցերու:

Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկման միջոցով խնդիրները լուծելու անթոյլատրելի բնոյթը, Ազերպայճանի՝ յարձակողական գործողութիւններէ եւ գրգռիչ հռետորաբանութենէ զերծ մնալու հրամայականը:

Ընդգծուած է Բերձորի միջանցքի ապօրինաբար փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման եւ Ազերպայճանի՝ ցեղային զտման նպատակ հետապնդող հետագայ գործողութիւնները կանխելու ուղղութեամբ միջազգային ջանքերու հրատապութիւնը: