Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան–Փութին հեռաձայնային զրոյց

Յուլիս 5-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած են։

Հայաստանի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութենէն կ՚իմանանք, թէ կողմերը քննարկած են Բերձորի միջանցքին ապօրինի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը եւ զայն յաղթահարելու ուղիները։