Յուլիս 5-ին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած «Անկողմնակալ երկիրներու շարժում»-ը (MNA–Mouvement des Non-Alignés) համակարգող գրասենեակի նախարարաց ժողովին, Ազերպայճանի նախագահը Հայաստանէն պահանջած է զինաթափել Արցախի պաշտպանութեան բանակը եւ բանալ «Զանգեզուրի միջանցքը»։
“Հակամարտութեան աւարտէն ետք Ազերպայճան ներկայացուցած է հինգ հիմնական սկզբունք՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան համար՝ հիմնուած իրարու ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ։ Հակառակ անոր որ Հայաստան ստիպուած էր Ղարաբաղը ճանչնալու Ազերպայճանի մաս, Ազերպայճանի տարածքին, ուր առժամաբար տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները, տակաւին կը գտնուին հայկական զինուած ուժերու մնացորդները”,– ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներուն յայտարարած է Ալիեւ։
“Հայ զինուորականները եւ ռազմական կազմաւորումները պէտք է զինաթափուին”,– ըսած է ան, աւելցնելով. “Հայաստան նաեւ խոչընդոտ կը հանդիսանայ Զանգեզուրի միջանցքի բացումին, որ Ազերպայճանի հիմնական մասը կը կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան։ Այդ մէկը անոր (Հայաստանի) պարտականութիւնն է, որ կը բխի շուրջ երեք տարի առաջ ստորագրած յանձնուողական համաձայնութենէն”։
Ալիեւ կրկին մեղադրած է Ֆրանսան՝ Արցախին աջակցելուն համար
Նոյն հանդիպումին, Իլհամ Ալիեւ կրկին մեղադրած է Ֆրանսան՝ Արցախին աջակցելուն համար։
“Ֆրանսա, որ կեղծաւորութեամբ ինքզինքը կը ներկայացնէ որպէս մարդկային իրաւանց եւ միջազգային իրաւունքի պաշտպան, ինչպէս անցեալին՝ կը շարունակէ միջամտել այլ երկիրներու ներքին գործերուն”,– ըսած է Ազերպայճանի բռնապետը եւ ընդգծած. “Մալիէն եւ Պուրքինա Ֆասոյէն վերջերս ֆրանսական զօրքերու քաշուիլը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Ափրիկէի մէջ Ֆրանսայի նոր-գաղութատիրական քաղաքականութիւնը դատապարտուած է ձախողութեան”:
“Ցաւօք, Ֆրանսա կը փորձէ նոյն արատաւոր գործելաձեւը պարտադրել Հարաւային Կովկասի մէջ՝ աջակցելով հայկական անջատողականութեան՝ Ազերպայճանի Ղարաբաղեան շրջանին մէջ, եւ օգտագործելով աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը, օտար երկիրներու ռազմական ներկայութիւնն ու արեւելահակութեան գաղութային քաղաքականութիւնը”,– եզրափակած է Ալիեւ: