Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Քէօլնի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած «Այս ցաւը բոլորինս է» յուշարձանը կազմաքանդելու հարցին շուրջ 

Քէօլնի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը տեղադրուած է 2018 Ապրիլ 15-ին, «Յիշելով ցեղասպանութիւնը» նախաձեռնութեան կողմէ։ Խնդիրը այն է, որ ըստ երեւոյթին՝ այդ քայլը առնուած է առանց ձեռք ձգելու Քէօլնի քաղաքապետարանի իրաւականօրէն անհրաժեշտ բոլոր արտօնութիւնները, քանի որ քաղաքի իշխանութիւնները յայտարարեր էին, թէ պէտք է կազմաքանդել զայն։ Այնուհետեւ, յուշարձանի տեղադրման կազմակերպիչները դիմած էին Քէօլնի Վարչական դատարան, իրենց բողոքը ներկայացնելով, բայց դատարանը յուշարձանը կազմաքանդելու մասին որոշում կայացուցած էր։ Բարեբախտաբար, դեռ չէ ձեռնարկուած վճիռին գործադրման, ու Գերմանիոյ հայ համայնքը ջանք չի խնայեր այդ սխալ որոշումը սրբագրելու համար։

Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Թեմական-Պատգամաւորական ժողովը, որ Թեմի վերին օրէնսդիր մարմինն է, անցեալ շաբաթավերջին իր տարեկան ժողովը գումարած է Քէօլնի մէջ, որու ընթացքին իր զօրակցութիւնը յայտնած է «Յիշել ցեղասպանութիւնը» նախաձեռնութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք տարիներէ ի վեր պայքարած են ու կը պայքարին Հայոց ցեղասպանութեան անթիւ զոհերու յիշատակին նուիրուած «Այս ցաւը բոլորինս է» յուշարձանի Քէօլնի մէջ տեղադրման, այնուհետեւ ալ՝ պահպանման ի խնդիր։

Թեմական-Պատգամաւորական ժողովի դիւանին այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութենէն կը պարզուի, թէ այս առնչութեամբ Քէօլնի քաղաքապետուհին արտայայտուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը պատշաճ կերպով ոգեկոչելու անհրաժեշտութեան ի նպաստ։ 

Բայց եւ այնպէս, երբ կապ հաստատեցինք Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդարանին հետ, պարզուեցաւ, որ այս հաղորդագրութեան հրապարակման զուգահեռաբար՝ քաղաքի իշխանութիւնները «Յիշելով ցեղասպանութիւնը» նախաձեռնութեան հասցէագրուած նամակով մը ազդարարած են մինչեւ Յուլիս 10 յուշարձանը կազմաքանդելու վճիռը։  

Թեմական-Պատգամաւորական ժողովի հաղորդագրութիւնը,– որ ինչպէս նշեցինք, վերոնշեալ վերջին վճիռէն առաջ պատրաստուած է,– ի միջի այլոց կ՚ըսէ. «Գոհունակութեամբ կ՚արձանագրենք, որ Քէօլնի քաղաքապետուհի տիկին Հենրիեթէ Ռեքեր կ՚աջակցի զոհերու յիշատակը Քէօլնի մէջ պատշաճ կերպով յիշատակելու գործին։ Այս կեցուածքին արդիւնքը պէտք է ըլլայ “Այս ցաւը բոլորինս է” յուշարձանի կազմաքանդումին բացառումը։ 

Գերմանիոյ Պունտեսթակի 2016 Յունիս 2-ին՝ “Հայերու եւ քրիստոնեայ այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու» մասին բանաձեւի ընդունումէն եւ Գերմանիոյ դաշնկցային կառավարութեան ուղղուած՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման անհրաժեշտ ուշադրութիւն դարձնելու պահանջէն յետոյ, յուշարձանը կարեւոր ու անհրաժեշտ քայլ է նաեւ Քէօլնի մէջ ոգեկոչման վայր ստեղծելու տեսանկիւնէն։

Յուշարձանը չի կրնար կազմաքանդուիլ պատմութիւնը վերամեկնաբանողներու եւ Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու ճնշումին հետեւան-

քով։ Քաղաքական գործիչներէն կը պահանջենք այս ուղղութեամբ յստակ կեցուածք որդեգրել։ Գերմանիոյ ոչ մէկ քաղաքին մէջ Հայոց ցե-

ղասպանութեան ոգեկոչման անյարգալից նման վերաբերում կը ցուցաբերուի։

Մենք լիայոյս ենք, որ յուշարձանը պիտի մնայ իր տեղը՝ ի նշան Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգներու զօրակութեան, ինչպէս նաեւ ի խնդիր՝ ապագայի, պատմական պատասխանատւութիւնը տեսանելի դարձնելու համար»։