Լա Հէյի մէջ Յուլիս 4-5-ին տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ կազմակերպուած՝ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր գործող հայ-ազերպայճանական շփման միացեալ խումբի 4-րդ նիստը, որուն մասնակցած է նաեւ Եւրոպական Միութեան յատուկ բանագնաց Թոյվօ Քլաար։ Շփման միացեալ այս խումբը կը բաղկանայ երկու երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներէ։ Այս քննարկումներուն իւրաքանչիւր կողմէ մասնակցած է վեց փորձագէտ։
Վստահութեան ամրապնդման ձեռնարկներու շրջանակին մէջ կազմակերպուած այս նոր հանդիպումին քննարկուած են զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերին Հարաւային Կովկասի, յատկապէս Արցախի եւ Բերձորի միջանցքին տիրող իրավիճակին, ինչպէս նաեւ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Խումբը համաձայնած է յառաջիկայ ամիսներուն աշխուժացնել աշխատանքը եւ երկու երկիրներու մէջ կազմակերպել երկխօսութիւնը խթանող հանդիպումներ։
Սակայն, ըստ համաժողովին մասնակցած փորձագէտներու՝ Օրբելի կեդրոնէն վրացագէտ Ջոնի Մելիքեանի եւ «Ազգային դիմակայունութեան հայկական ինստիտուտ»-ի տնօրէն, քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ Մելիքեանի՝ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդած վկայութիւններուն՝ քննարկումները ընթացած են «կոշտ» մթնոլորտի մէջ։
Անոնցմէ առաջինը՝ Ջոնի Մելիքեան, արձագանգելով հանդերձ համաժողովին իշխած խոր տարակարծութիւններուն ու արձանագրուած դժուարութիւններուն՝ կը նախընտրէ առաւելաբար դրական կողմը տեսնել այս ու նման հանդիպումներու ու շեշտը դնել այդ դրականին վրայ։ Կ՚ըսէ, թէ շատ մը հարցեր, զորս կարելի չէ օրակարգի բերել բարձրաստիճան հանդիպումներուն, այս համաժողովներուն մակարդակով կարելի կ՚ըլլայ արծարծել, նաեւ հայկական կողմին կարելիութիւն կ՚ընձեռուի իմանալու, թէ պաշտօնապէս ըսուածներէն անդին ի՞նչ կը մտածեն Պաքուի մէջ։ Ան կ՚ըսէ նաեւ թէ նման հանդիպումները կարեւոր առիթ են եւրոպացի դիւանագէտներուն ներկայացնելու հայկական կողմին մօտեցումները, եւ փոխադարձաբար։ Այս կարծիքը կը բաժնէ նաեւ Գէորգ Մելիքեան։
Սակայն, Գէորգ Մելիքեան շատ աւելի խիստ է իր գնահատականին մէջ։ Ան կ՚ըսէ, թէ «քննարկումներն ընթացել են կոշտ մթնոլորտում, քանի որ Հայերի ու Ադրբեջանցիների պատկերացումները տրամագծօրէն տարբերւում են» ու բաւական մերկ կերպով կը պարզէ բանակցութիւններու եւ կամ աւելի ընդհանուր առումով՝ մերձեցման ջանքերու՝ պաշտօնապէս ներկայացուածէն շատ աւելի բացասական մէկ պատկերը.
«Թէեւ բանակցութիւններ են ընթանում, այդուհանդերձ ադրբեջանական կողմի դիրքորոշումները շատ կոշտ են, մինչդեռ նման կոշտութիւնն, օրինակ` Հայաստանում, անհամեմատ քիչ արձագանգ է գտնում։ Մեզ մօտ այնպիսի տպաւորութիւն է, որ ամէն ինչ լաւ է, գործընթացը տանում է դէպի խաղաղութեան, քննարկւում են ընդամէնը թդքնիք մանրամասնութիւններ, կողմերը ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ մնում է միայն պարզել Արցախահայութեան իրաւունքների ու անվտանգութեան հարցը, մինչդեռ իրականում այդպէս չէ։ Ադրբեջանական կողմը հրաժարւում է ՀՀ տարածքը ճանաչել ստոյգ թիւերով։ Հաագայում (Լա Հէյ) նոյնիսկ միջադէպ եղաւ, երբ ադրբեջանցի պաշտօնեաներից մէկին յորդորեցինք ասել, թէ որքան քառակուսի կիլոմետրով տարածք են ճանաչում իրենք, անգամ դա չասուեց։ Սա պատահական չէ, քանի որ Ադրբեջանի գիծը բացարձակապէս այն չէ, ինչը յաճախ փորձում են ներկայացնել այնտեղ»։
Գէորգ Մելիքեանի համաձայն՝ Եւրոպացիները այս անգամ Արցախը արդէն կը դիտարկէին միայն ու միայն Ազերպայճանի կազմին մէջ։ Փորձագէտը կ՚ըսէ, թէ եթէ Փետրուարին կայացած նախորդ հանդիպման ընթացքին եւրոպացի նոյն պաշտօնեան (հաւանաբար կ՚ակնարկէ Քլաարին – «ՆՅ») կասկած կը յայտնէր, թէ ինչպէ՞ս Արցախահայերը կրնան համարուիլ Ազերպայճանի քաղաքացի, երբ երեսուն տարի շարունակ ապրեր են այլ իրականութեան պայմաններու տակ, ապա այս վերջին համաժողովին խօսած է այնպէս, կարծէք միշտ ալ ունեցեր են այդ տեսակէտը։ Ըստ Գէորգ Մելիքեանի՝ միջազգային հանրութիւնը հակում ունի ա՛յդ տարբերակը իւրացնելու, քանի որ Երեւան իր կարգին Արցախը ճանչցած է Ազերպայճանի կազմին մէջ։
“Եթէ մենք ենք դա յայտարարում, ապա Ադրբեջանն ասում է, որ այդ վայրկեանից սկսած՝ ինքն է որոշում Արցախահայերի ճակատագիրը։ Հիմա Եւրոպական կամ ամերիկեան կողմն ի՞նչ պէտք է անի։ Եթէ պաշտօնական Երեւանն այլ դիրքորոշում ունենար, չճանաչէր Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ պնդելով, որ երեսուն տարի խնդիրը հէնց դա է եղել, ապա կը լինէր բոլորովին այլ մեկնակէտ։ Եթէ այդքան հեշտ էր ճանաչել Ադրբեջանի ամբողջականութիւնն ու այդ կերպ հարցը փակել, ապա ինչո՞ւ ենք այդքան զոհեր տուել։ Պարզ է, որ իրերի նման դասաւորութեան դէպքում միջազգային հանրութիւնն էլ ինքնաբերաբար կը փոխի իր դիրքորոշումը։ Եթէ ամէն ինչ ի սկզբանէ պարզ էր, ինչո՞ւ էր երկար տարիներ աշխատում ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը։ Եթէ այսօր պաշտօնական Երեւանն ու Բաքուն խօսում են նոյն լեզուով, ապա ԵՄ-ին ու ԱՄՆ-ին ոչինչ չի մնում, քան ճանաչել Արցախն Ադրբեջանի կազմում։ Արցախեան խնդիրն այլեւս աշխարհաքաղաքական ենթախորք չունի, այլ խօսք է գնում ընդամէնը Արցախահայերի իրաւունքների պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան երաշխիքների մասին։ Բայց մի բան ակնյայտ է․ միայն հետեւանքները վերացնելով՝ պատճառները չենք վերացնի”,– կ՚եզրափակէ Գէորգ Մելիքեան։