Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոպայի խորհուրդի բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելած է Բերձորի միջանցքի սկզբնամասը

Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արման Խաչատրեան թուիթով մը կը տեղեկացնէ, թէ Յուլիս 7-ին  Եւրոպայի խորհուրդի բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելած է 7 ամիսէ ի վեր փակուած Բերձորի միջանցքի սկզբնամասը: 

«Այցը առիթ մըն էր տեղւոյն վրայ աւելի լաւ հասկնալու կացութիւնը՝ մարդկային իրաւանց հետ կապուած իրավիճակն ու մարդասիրական լուրջ հետեւանքները Արցախի ժողովուրդին համար: Կարելի չէ հերքել, որ Ազերպայճան փակած է Արցախը Հայաստանին կապող կեանքի միակ ճանապարհը։ Ազերպայճան պէտք է ապահովէ ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով՝ գործադրելով նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի վճիռները ու Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի վերջերս ընդունած նոր բանաձեւը»,– գրած է Խաչատրեան։