Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎՐԱՍՏԱՆ – Պաթումիի մէջ տեղի ունեցած է Փաշինեանի եւ Ղարիպաշվիլիի հանդիպումը

Յուլիս 7-ին, Վրաստանի Պաթումի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետեր` Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հանդիպումը:

Նախ կայացած է երկու երկիրներու առաջնորդներու գլուխ-գլխի զրոյցը, այնուհետեւ բանակցութիւնները շարունակուած են ընդլայնուած կազմերով:

Կողմերը ընդգծած են երկու ազգերը իրարու միաւորող պատմամշակութային ամուր կապերը։ 

Նշուած է, որ տարածաշրջանային կայունութեան ու բարգաւաճման նպաստելու ընդհանուր յանձնառութեամբ Հայաստան եւ Վրաստան նպատակ ունին բարձր մակարդակի երկխօսութիւն հաստատելու՝ ռազմավարական հարցերու շուրջ, որոնք լրացուցիչ խթան կը հանդիսանան արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար՝ միաժամանակ նպաստելով տարածաշրջանային խաղաղութեան:

Անդրադարձ կատարուած է տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան հետեւողական զարգացման եւ ընդլայնման ուղղուած հետագայ քայլերուն: