Պիտի սպասուի եռակողմ հանդիպման արդիւնքներուն
Յուլիս 12-ին, Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման պահանջով Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն հետ հանդիպում ունեցած է Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:
«Արցախփրէս»-ի համաձայն` վերջինս նախ պատասխանած է հաւաքի մասնակիցները յուզող հարցերուն, այնուհետեւ անոր ուղեկցութեամբ նախաձեռնող խումբի անդամները հանդիպում ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ, որմէ յետոյ Պետական նախարարը կրկին հանդիպում ունեցած է հաւաքուած հանրութեան հետ եւ յայտարարած, որ իշխանութիւնը պատրաստ է ընդառաջելու ժողովուրդի պահանջներուն։
“Քննարկման ընթացքին երկրի նախագահը ըսաւ, որ Յուլիս 14-15-ին կը սպասուի եռակողմ հանդիպում, որմէ կ՚ակնկալենք յստակ որոշում միջանցքը ապաշրջափակելու եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուող գործողութիւններուն լուծում տալու վերաբերեալ։ Բոլորս կը հասկնանք, որ եթէ այդ համաժողովրդական շարժումն է իրավիճակէն դուրս գալու միակ ելքը, բոլորս միասնաբար առանց զանազանումի պէտք է մասնակցինք այդ շարժումին։ Պետական աշխատողները որոշ զսպուածութիւն կը ցուցաբերեն, բայց այս պարագային պետական ծառայող, ոչ-պետական ծառայող չ՚ըլլար”,– ըսած է Ներսիսեան։
Շարժումին նախաձեռնողները շնորհակալութիւն յայտնած են իշխանութիւններուն արագ արձագանգին համար, եւ որոշած են սպասել եռակողմ հանդիպման արդիւնքներուն: Նշուած է, որ յառաջիկայ քայլերուն մասին նախապէս պիտի յայտարարուի:
Ո՞Ր ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՄԱՍԻՆ Է ԽՕՍՔԸ
Ո՞ր եռակողմ հանդիպումն է խնդրոյ առարկան, որու յոյսեր կը կապուին եւ որու համար կ՚ըսուի թէ անոր արդիւնքներուն համաձայն պիտի որոշուին յառաջիկայ քայլերը։
Ըստ երեւոյթին՝ խօսքը Յուլիս 21-ին Պրիւսէլի մէջ նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ հանդիպման մասին է, որ կրնայ աւելի կանուխ տեղի ունենալ, եթէ ապաւինինք տեսակցութիւններու համար ԱՄՆ մեկնած՝ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի՝ «Ամերիկայի ձայն»-ին ըրած յայտարարութեան։