Յուլիս 10-13 Փարիզ այցելած Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան շարք մը հանդիպումներ ունեցած է։ Այսպէս՝ Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Եաէլ Պրաուն-Փիվէի հետ տեսակցութեան ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են ֆրանքեւհայկական միջխորհրդարանական գործակցութեան բարձր մակարդակին առնչութեամբ, որ կը վերաբերի նաեւ միջխորհրդարանական բարեկամական խումբերուն: Սիմոնեան նշած է, թէ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի շարունակական միջնորդական ջանքերը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանականներու հետեւողական աջակցութիւնը։
Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու անյապաղ վերադարձի, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դէտերու առաքելական խումբին աջակցելու, Արցախի Հայութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխիքներու սահմանման շուրջ: Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհին նշած է, թէ իր երկիրը մնայուն կերպով Հայաստանի կողքին է եւ առ այդ պիտի շարունակէ ի գործ դնել իր բոլոր ջանքերը:
Իսկ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէի հետ հանդիպումին՝ Սիմոնեան ընդգծած է, թէ Ֆրանսայի ամբողջ քաղաքական դաշտը համախմբող մեր երկիրներու բարեկամութիւնը ձեւաւորուած է նաեւ պարոն Լառշէի քաղաքական հեղինակութեան եւ անձնական ջանքերուն շնորհիւ:
Կողմերը անդրադարձած են Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախաձեռնած եւ ընդունուած՝ Արցախի դէմ ազերպայճանաթրքական յարձակումները դատապարտող, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը ընդգծող, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի դէմ պատիժներու կիրարկման եւ Հայաստանի տարածքէն ազերպայճանական զօրքերու անյապաղ նահանջին վերաբերող բազմաթիւ բանաձեւերուն:
Սիմոնեան երախտագիտութիւն յայտնած է Ժերար Լառշէին եւ Ֆրանսայի «Հանրապետականներ» կուսակցութեան աւելի քան 170 խորհրդարանականներուն՝ «Լեռնային Ղարաբաղի ծրագրուած վախճանը» եւ այդ տարածքի հայ բնակչութեան` ջարդերու ենթարկուելու վտանգը կանխելու վերաբերեալ Յունիս 12-ի հաւաքական կոչին համար:
Նշենք, թէ Ազգային ժողովի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Պանթէոն, ուր 2024-ին նախատեսուած է փոխադրել Միսաք Մանուշեանի աճիւնները։
Լառշէ. «Կը պահանջեմ արագցնել Ֆրանսայի կողմէ սպառազինութիւններու մատակարարումը՝ Հայաստան»
Ալէն Սիմոնեանի հետ հանդիպումէն ետք, Ժերար Լառշէ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին հետեւեալը գրած է.
«Կը պահանջեմ անյապաղ բանալ Լաչինի միջանցքը և արագցնել Ֆրանսայի կողմէ պաշտպանական սպառազինութիւններու մատակարարումը Հայաստան՝ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը»։