Ապրիլ 14-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ծայր առած համաժողովրդական շարժումին միացած են նաեւ Հանրապետութեան շրջանները բնակող Հայերը:
Վառելիքի չգոյութեան պատճառով` իւրաքանչիւր շրջան տեղւոյն վրայ բողոքի ցոյց կատարած է։ Շրջանային կեդրոն Մարտունիի մէջ երթ կազմակերպուած է դէպի ռուս խաղաղապահներու կեդրոնատեղին: Բնակիչները իրենց պահանջը ներկայացուցած են խաղաղապահներու Մարտունիի յենակէտի պատասխանատուներուն։
Մարտակերտի շրջանը եւս միացած է համաժողովրդական շարժումին: Երթը տեղի ունեցած է նաեւ շրջանային կեդրոն Մարտակերտի մէջ:
Ասկերանի շրջանի բնակիչները շարժումին միացած են Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն սկսած հանրահաւաքին ու երթին: Անոնք վրաններ լարած են Իվանեան գիւղի խաղաղապահներու մնայուն վայրի տարածքին` մինչեւ որ յստակ լուծում տրուի շարժումի պահանջներուն: