Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մոսկուա կոչ ըրած է Պաքուին անմիջապէս բանալու Բերձորի միջանցքը

 

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է Ազերպայճանին անյապաղ բանալու Բերձորի միջանցքը։

Այս կապակցութեամբ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը կը բարդանայ, ճգնաժամը կրնայ ողբերգական հետեւանքներ ունենալ։ Ազերպայճանի ղեկավարութեան կոչ կ՚ընենք անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու՝ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման, քաղաքացիներու, երթեւեկութեան միջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով վերսկսելու, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը վերականգնելու համար»։ 

Ռուսաստանի Արտաքին գերատեսչութենէն նաեւ նշած են, թէ «2022 Հոկտեմբերին եւ 2023 Մայիսին Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներուն Հայաստան ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը որպէս Ազերպայճանի մաս»։ 

«Մենք կը յարգենք Հայաստանի ղեկավարութեան ինքնիշխան որոշումը, սակայն այդ արմատապէս փոխած է ա՛յն հիմնական պայմանները, որոնց ներքոյ ստորագրուած է Ռուսաստանի,  Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու 2020 Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանը տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կարգավիճակը: Կը կարծենք, որ այս պայմաններու տակ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ճակատագրի պատասխանատւութիւնը պէտք չէ բարձուի  երրորդ երկիրներու վրայ։ Անհրաժեշտ է անյապաղ սկսիլ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստումը` նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ»,– նշած են Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն։