Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հարիւրաւոր եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւններու կոչը եւրոպացի ղեկավարներուն

 

Անոնք կը պահանջեն պատիժներ կիրարկել Ազերպայճանի նկատմամբ, ապահովել Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը

 Հարիւրաւոր եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւններ համախմբող «Եւրոպացիները՝ Արցախի համար» նախաձեռնութիւնը կոչ մը յղած է Եւրոպական խորհուրդի, Եւրոպական յանձնաժողովի, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահներուն եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն, Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն, Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններու կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններու ղեկավարներուն։

Կոչին մէջ յատկապէս կ՚ըսուի.

«Մենք՝ Եւրոպայի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններս ու ընկերակցութիւններս, ձեզի կը դիմենք, խորապէս մտահոգուած՝ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) բնիկ հայ բնակչութեան ճակատագրով։

(…)

Յանուն մարդկային իրաւանց յարգանքի, յանուն այն արժէքներուն, զորս կը պաշտպանեն եւրոպական ժողովրդավարութիւնները, յանուն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, Եւրոպական Միութեան բարգաւաճման եւ ազդեցութեան բարձրացման ի խնդիր գործող քաղաքացիներս հանդիսաւոր կերպով ձեզմէ կը խնդրենք անյապաղ գործել եւ անգամ մը եւս՝ 

– Պահանջել, որ Ազերպայճան անմիջապէս վերջ տայ Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան դրժումին եւ վերցնէ Հակարիի կամուրջի անցակէտը, որ տեղադրուած է Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռին եւ միջազգային պարտաւորութիւններու բացայայտ խախտումով, ապաշրջափակէ Լաչինի միջանցքը, ապահովէ մարդոց եւ բեռներու ազատ եւ ապահով տեղաշարժը դէպի Արցախ եւ հակառակ ուղղութեամբ.

– Տնտեսական եւ քաղաքական պատիժներ կիրարկել Ազերպայճանի եւ անոր ղեկավարներուն նկատմամբ՝ միջազգային դրոյթներու անտեսման, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի մէկ մասին բռնագրաւման, այդ երկրի գործած ռազմական ոճիրներուն եւ Արցախի նկատմամբ շրջափակման համար.

– Օգտագործել ձեր բոլոր լծակները՝ կանխելու Պաքուի որեւէ վերահսկողութիւն Արցախի վրայ, քանի որ այդ անխուսափելիօրէն կը նշանակէ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ցեղային զտում.

– Ճանչնալ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը եւ օգտագործել ձեր տրամադրութեան տակ գտնուող լծակները, որ Արցախի կարգավիճակը ցոլացնէ իր բնիկ հայ բնակչութեան կամքի ժողովրդավարական արտայայտութիւնը եւ թոյլ տայ կայուն խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ անվտանգութիւն.

– Ստեղծել օդային միջանցք՝ Արցախին հրատապ տնտեսական եւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ Ստեփանակերտի օդակայանէն օդային կապի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով.

– Ճնշում բանեցնել Ազերպայճանի վրայ, որպէսզի անյապաղ եւ անվերապահօրէն ետ քաշէ իր բոլոր զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն եւ դադրեցնէ իր յարձակողական կեցուածքը Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ՝ որպէս խաղաղ բանակցութեան նախապայման։

Բնիկ արցախահայ ժողովուրդը այլ բան չի պահանջեր, քան պաշտպանել իր հիմնական եւ անքակտելի իրաւունքը՝ որպէս ազատ ժողովուրդ իր հայրենիքին մէջ ապահով եւ արժանապատիւ ապրելու։ Մենք անկեղծօրէն կը յուսանք, որ անոնց, ինչպէս նաեւ մեր ձայնը լսելի պիտի ըլլան»: