Արթուր Թովմասեան. «Ազերպայճան ժամանակակից համակեդրոնացման ճամբար ստեղծած է»

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան դիմելով միջազգային հանրութեան յայտարարած է. «Շուրջ երեք հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ Ազերպայճան ստեղծած է ամենաբարդ, ժամանակակից համակեդրոնացման ճամբարը»։

Ան ահազանգ հնչեցուցած է, որ ազատատենչ երկրի 120+30 (բռնի տեղահանուածները) հազարնոց բնակչութիւնը ութ ամիսէ ի վեր ամէն օր կ՚ենթարկուի նուաստացման, սովի եւ ֆիզիքական բնաջնջման սպառնալիքներու, կ՚ապրի առանց ելեկտրականութեան, կազի, վառելիքի ու դեղորայքի։

Թովմասեան կոչ ուղղած է պատասխանատու եւ բոլոր միջազգային միջկառավարական հիմնարկներուն, որպէս ցեղասպանութեան եւ հայրենիքէն բռնի տեղահանման կանխարգիլման ամենագործուն ուղի, գործարկելու Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացը, ինչպէս նաեւ յատուկ պատժական ատեան մը հիմնելու Ազերպայճանի ղեկավարութիւնը դատելու՝ Արցախի տարածքին ժամանակակից համակեդրոնացման ճամբար ստեղծելու ոճիրին համար։

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահինհամաձայն՝ «վերը նշուած վտանգներէն խուսափելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է՝ “ճանաչում յանուն փրկութեան” սկզբունքի հիման վրայ»: