Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան իր «Թելեկրամեան» ալիքով հրապարակած գրառումով կ՚ըսէ.
«Ազերպայճան իբրեւ թէ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Ուքրաինա, բայց, միւս կողմէ, 221 օրէ ի վեր ահաբեկչական շրջափակման մէջ կը պահէ Արցախի 120 հազար բնակիչները, իսկ 36 օրէ ի վեր` ամբողջական պաշարման մէջ՝ զանոնք զրկելով նոյնիսկ մարդասիրական մթերքներէ։
Ամբողջ աշխարհը կ՚աղմկէ «Հացահատիկային գործարք»-ի քանի մը օր կասեցման պատճառաւ, անտեսելով ֆաշական Ազերպայճանի՝ 120 հազար հոգի սովամահ ընելը 36 օրէ ի վեր, բացարձակապէս չթոյլատրելով սննդեղէն եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ հասցնել Արցախ։
Իմ հիմնական եզրակացութիւնը այն պարզ մարդկային ցաւն է, որ Արցախի բնիկ ժողովուրդը աշխարհաքաղաքական շահերու ու խաղերու զոհն է՝ այսպէս կոչուած ժողովրդավար երկիրներու մեղսակցութեամբ։ Յամենայն դէպս, փնտռողը կը գտնէ, իսկ մարտիկը կը հասնի իր նպատակին»։