Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնը փրոֆ. Լուիս-Միկէլ Ռոխաս Պերցիայի արեւմտահայերէնի շուրջ կատարած աշխատասիրութեան մասին «Իմաստաբանական շարահիւսութիւն. պատմութիւն եւ կիրարկում» խորագրեալ լեզուաբանական երկօրեայ սեմինարը կազմակերպեց։ Սեմինարը կայացաւ Յուլիս 14-ի եւ 15-ի երեկոյեան ժամը 18-էն 21: Երեւանեան սեմինարը կը կեդրոնանար արեւմտահայերէնի լեզուական իւրայատկութիւններուն վրայ, զայն ուսումնասիրելով բաղդատական լեզուաբանութեան իմաստաբանական շարահիւսութեան տեսութեան դիտանկիւնէն։
Լուիս-Միկէլ Ռոխաս Պերցիա բաղդատական լեզուաբանութիւն կը դասախօսէ Նետերլանտներու Ռատպաուտ Նայմեխն համալսարանին մէջ, ուրկէ նաեւ վկայուած է։ 2019-ին տիրացած «Լեզուաբանական լաւագոյն ատենախօսութիւն» մրցանակին՝ Նետերլանտներու Լեզուաբանական ընկերակցութեան կողմէ: Եղած է նաեւ լեզուաբանութեան դասախօս տարբեր համալսարաններու, ինչպէս՝ Փերուի «Գոնֆուչիուս» հիմնարկի կաթողիկէ համալսարանին, Գալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանին մէջ եւ այլուր: Հեղինակած է բազմաթիւ լեզուաբանական-գիտական յօդուածներ:
Փրոֆ. Լուիս-Միկէլ Ռոխաս Պերցիա մանկութենէն հետաքրքրուած է լեզուներով, անոնց կիրարկումի եւ շարահիւսութեան պարագաներով: Անոր ուսումնասիրութիւններու հետաքրքրութեանց ծիրին մաս կը կազմեն սակաւ կիրարկութիւն ունեցող լեզուները, ինչպէս՝ Փերուի, Պրազիլի, Չիլիի, Արժանթինի, Թայուանի եւ Աւստրալիոյ մէջ օգտագործուող բնիկ լեզուները: Նոյն համածիրէն ներս դիտարկելով արեւմտահայերէնը որպէս սակաւ կիրարկուող, սակայն հին պատմական արմատներ ունեցող լեզու մը, ան ուսումնասիրած է նաեւ արեւմտահայերէնի շարահիւսական պարագաները:
Արեւմտահայերէնի հետ բանախօսին առաջին հանդիպումը եղած է 12 տարի առաջ, երբ ուսումնասիրութիւններուն զուգահեռ նկատած է արեւմտահայերէնի եւ գրաբարի մէջ օգտագործուող «տալ» օժանդակ բայի կիրարկումին իւրայատկութիւնը, զոր կարելի է գտնել ֆրանսերէնի (faire faire une action) եւ արեւմտահայերէնի մէջ (բան մը ընել տալ): Լեզուական կիրակում մը, որ սակաւ լեզուներու մէջ կ՚օգտագործուի: Այն օրէն իսկ որոշած է ուսումնասիրել արեւմտահայերէնը: Երեւան այցելութեան ու իր աշխատասիրութեան ներկայացման նպատակն էր հանդիպիլ հայերէն երկճիւղ լեզուներով խօսողներու հետ, հիմնաւորելու նաեւ իր գիտելիքներն ու տեսութիւնը։
Հմուտ գիտնականը կը տիրապետէ շուրջ 18 լեզուներու: Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւմտահայերէնի դասախօս Աւետիս Ափոշեանի միջոցով յայտնաբերելէ ետք «Յառաջ» կեդրոնը, երկօրեայ սեմինար մը կազմակերպելու ծրագիրը կը յղանայ։ Հայաստանի մէջ ան առիթ ունեցաւ հանդիպելու Միջին Արեւելքէն այստեղ կայք հաստատած բնիկ արեւմտահայախօսներու հետ։
Փրոֆ. Ռոխաս Պերցիա «Իմաստաբանական շարահիւսութիւն. պատմութիւն եւ կիրարկում» դասախօսութեան ընթացքին արեւմտահայերէնի լեզուական իւրայատկութիւնները ներկայացուց բաղդատական լեզուաբանութեան իմաստաբանական շարահիւսութեան տեսութեան դիտանկիւնէն, լեզուաբաններու՝ ՄըքԼոֆլընի եւ Շոմսքիի լեզուաբանական վերլուծական տեսութիւններու կիրարկումով։
Սեմինարին առաջին օրը շեշտը դրուած էր «Իմաստաբանական շարահիւսութիւն» եզրի սահմանումին, պատմական տուեալներուն, եւ անոնց գործնական օրինակներով կիրակումին վրայ՝ զանազան երկիրներէ՝ Ֆրանսայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Գանատայէն ժամանած մասնակիցներով։ «Տալ» օժանդակ բայի գործածութեան եզակի պարագային ուսումնասիրութիւնը (սորվիլ տալ, խօսիլ տալ…) անհրաժեշտ դարձուց արեւմտահայերէնի կառուցային իւրայատկութեան անդրադառնալը, բաղդատելով արեւելահայերէնի մէջ անոր լեզուաբանական տարբերութեան, արմատական առումով գրաբարի մէջ եւս անոր կիրարկումին։ Սեմինարը ունէր նաեւ աշխատանոցային բաժին մը, ուր մասնակիցները խումբերու բաժնուած դասախօսին առաջադրանքին հիման վրայ վերլուծեցին բարդ կառոյցներով նախադասութիւններու լեզուաբանական հիմքերը:
Սեմինարին երկրորդ օրուան աշխատանոցներուն ընթացքին սովորական խօսքին ետին, նախադասութեան կազմութեան վերլուծութեան եւ նախադասութեան կառոյցի գծապատկերին բացատրութիւնն ու համեմատութիւնը կատարուեցաւ։ Արեւմտահայերէնի շարադասական կառոյցը համեմատութեան դրուեցաւ այլ լեզուներու կառոյցներուն հետ։ Մասնակիցներուն հարցադրումները, զրոյցն ու աշխատանքը աշխուժացուցին աշխատանոցները:
Ուսանելի եւ հետաքրքրական սեմինարին բանախօսութիւնը եւ այլ անհրաժեշտ գիտելիքները մերթ ընդ մերթ կը թարգմանէր ու կը մեկնաբանէր Հայաստանի Պետական Համալսարանի արեւմտահայերէնի դասախօս՝ Աւետիս Ափոշեան: Դասախօսութեան տեսական ու պատմական բաժինը առցանց սփռուեցաւ, շուրջ 1000 դիտումներ ունենալով արտասահմանէն եւ Հայաստանէն։
Ա. Բ.-Ղ. ■