Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վահան Կոստանեան. «Հայաստանէն Արցախ մարդասիրական բեռնակառքերը տակաւին կը սպասեն, իսկ Պաքուէն կը հնչեն անմարդկային եւ լկտի յայտարարութիւններ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան Յուլիս 27-ի առաւօտեան Թուիթըրի իր հաշիւին գրառումով հաղորդած է, թէ Հայաստանէն Արցախ մարդասիրական օգնություն փոխադրող բեռնակառքերը տակաւին կը սպասեն, որ անցնին Բերձորի միջանցքով, իսկ անդին Պաքուէն հնչող անմարդկային ու լպիրշ յայտարարութիւնները կ՚անտեսեն ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան ատեանի որոշումները։

Նշենք, թէ նախորդ օրն ալ վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, թէ 360 թոն (նախապէս կ՚ըսուէր՝ 400 թոն) կենսական անհրաժեշտ սննդամթերք կ՚առաքուի Արցախ բացառապես մարդասիրական նպատակներով։

Պաքու կը պնդէ․ «Պրիւսէլի մէջ Հայաստան եւ Ազերպայճան համաձայնած են Ակնայով անցնող ճամբան օգտագործելու վերաբերեալ»

Յուլիս 26-ին, Եւրոպական Միութեան երկիրներու, Թուրքիոյ, ԱՄՆ-ու եւ Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ հանդիպումին, Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ պնդած է, թէ Պրիւսէլի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացած է Ակնայen անցնող ճամբան օգտագործել մատակարարումներու համար: Ան աւելցուցած է. «Հայաստանի՝ Աղդամի (Ակնայ – «ՆՅ») ճամբան օգտագործելէ հրաժարիլը, մի՛այն Լաչինի (Բերձորի – «ՆՅ») ճանապարհի օգտագործման պնդումը եւ այդ հարցին քաղաքականացումը անթոյլատրելի են։ Հայաստան պէտք է վերջ տայ Ազերպայճանի նկատմամբ հողային յաւակնութիւններուն, ետ քաշէ իր ուժերը Ազերպայճանի ղարաբաղեան շրջանէն եւ դադրեցնէ ապօրինի խամաճիկային վարչակարգին (ակնարկը Արցախին կը վերաբերի – «ՆՅ») գանձատրումը։ Անհրաժեշտ է ապահովել Ղարաբաղի մէջ բոլոր անօրինական ուժերու զինաթափումը»։

Հայաստան հակադարձած է Հաճիեւի յայտարարութիւններուն

Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան հակադարձած է Հաճիեւի յայտարարութիւններուն, նշելով, թէ Փաշինեան Յուլիս 25-ի մամլոյ ասուլիսին յստակօրէն ըսած է, որ Պրիւսէլի մէջ Ակնայէն բեռներու մատակարարման հարցը չէ քննարկած, եւ ինք այդ կապակցութեամբ այլ ըսելիք չունի։