Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ – Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հրաժարականի դիմում կը ներկայացնէ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան իր պաշտօնէն հրաժարելու որոշում կայացուցած է։

Յուլիս 28-ին, ան Դիմագիրքի իր պաշտօնական էջին հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Սիրելի´ հայրենակիցներ,

Իմ անձնական որոշումով քաղաքական պատասխանատւութիւն կը ստանձնեմ՝ հեռանալու Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնէն, բայց միշտ հաւատարիմ կը մնամ 1991-ին մեր ժողովուրդին հանրաքուէով ընդունած գաղափարին:

Մինչեւ վերջին շունչս պիտի ծառայեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին, Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին:

Աստուած պահապան հայ ժողովուրդին:

Վաղը (Յուլիս 29-ին) Հրաժարականի դիմում կը ներկայացնեմ»։