Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպանը նախ Կոռնիձոր, ապա Ծիծեռնակաբերդ այցելած է

Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի Յուլիս 28-ին նախ՝ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն հետ այցելած է Կոռնիձոր, ուր տակաւին կը սպասեն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող երկու տասնեակ բեռնակառքերը, քանի որ Ազերպայճանի բռնապետ իշխանութիւնը կ՚արգիլէ անոնց Արցախ մուտքը։

Դեսպանը այս կապակցութեամբ արձանագրած է, թէ Բերձորի միջանցքին շրջափակումը բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ բանակցային գործընթացին վրայ։

Ան նոյն օրը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։