Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի պատասխանելով X-ի հարթակին վրայ Նետերլանտներու մէջ Ազերպայճանի դեսպանի զրպարտիչ գրառումին՝ ուղղուած Հայաստանին եւ Ֆրանսային, գրած է հետեւեալը.
«Պարո՛ն դեսպան, ձեզ կը հրաւիրեմ այցելելու Արդարադատութեան միջազգային ատեան, որ Լա Հէյի ձեր նստավայրին բաւական մօտ կը գտնուի»։
Նշենք, որ ազերպայճանցի դիւանագէտը գրած էր․ «Միակ բանը, որ կը վնասէ բանակցային գործընթացին, Հայաստանի կողմէ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու յամառ մերժումն է, որուն կ՚աջակցի Ֆրանսա»։