Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կարմիր Խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակին առջեւ բողոքի ցոյց` Ազերպայճանի կողմէ առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանը վերադարձնելու պահանջով

 

Յուլիս 29-ին, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց` Ազերպայճանցիներու կողմէ առեւանգուած 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը վերադարձնելու պահանջով:

Գրասենեակի ղեկավարին հետ հանդիպում ունեցած են Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեան՝ կատարուածը քննարկելու եւ պարզաբանելու նպատակով։

Կարմիր Խաչի գրասենեակի ղեկավար Գառլոս Մորացանի ցուցարարներուն եւ առեւանգուած Արցախցիի հարազատներուն տեղեկացուցած է, որ կը հասկնայ մտահոգութիւնները եւ աշխատանքներ կը տարուին փորձելով գտնել լուծումներ։

Գուրգէն Ներսիսեան իր բողոքը յայտնելով նշած է, թէ այլեւս պարզ է, որ «աշխարհի բոլոր երկիրներու վստահութիւնը վայելող միջազգային կառոյցը ի վիճակի չէ իր տարբերանշանը կրող կառքով մեր քաղաքացին ապահով տեղ հասցնելու…»։

Արցախի առեւանգուած քաղաքացիի եղբայրն ալ ըսած է, որ պէտք է վերադարձնել Վագիֆը, հակառակ պարագային՝ բոլոր Արցախցիները նոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուին։

Ցուցարարները այնուհետեւ հետիոտն ուղղուած են դէպի ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան կեդրոնատեղի։