Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Հաքան Ֆիտան. «Հզօր Թուրքիա կը նշանակէ հզօր Ազերպայճան, իսկ հզօր Ազերպայճան ալ՝ հզօր Թուրքիա»

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Յուլիս 31-ին Անգարայի մէջ Ազերպայճանի իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ «հայ-թրքական յարաբերութիւններու սառեցման պատճառը «ազերպայճանական հողերու բռնագրաւումն էր»։

“Բռնագրաւումը փաստօրէն աւարտած է: Հիմա կը շարունակուի աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրի եւ սահմանազատման ուղղութեամբ: Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք”,– ըսած է Ֆիտան եւ շարունակած. “Հայ-թրքական յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բոլոր համաձայնութիւններու իրագործումէն ետք: Հզօր Թուրքիա կը նշանակէ հզօր Ազերպայճան, իսկ հզօր Ազերպայճան ալ՝ հզօր Թուրքիա”:

Ֆիտան. «Լաչինը ազերպայճանական հող է, եւ Ազերպայճան կրնայ այնտեղ իր ուզած գործողութիւնը կատարել»

Թուրք նախարարը Պայրամովի հետ հանդիպումին անդրադարձած է նաեւ Բերձորի միջանցքին տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։ Ան նշած է, թէ միջանցքին առնչութեամբ Ազերպայճանին հասցէագրուող մեղադրանքները անարդար են։

“Բժշկական  եւ մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերուի։ Լաչինի ճամբան ազերպայճանական հող է եւ Ազերպայճան կրնայ այնտեղ իր ուզած գործողութիւնը կատարել”,– ընդգծած է Ֆիտան։

Իր կարգին, Ճեյհուն Պայրամով անդրադառնալով հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին՝ նշած է, թէ Հայաստանին՝ Ազերպայճանի առաջարկած խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրումը, որ կը բխի երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքէն, կարեւոր նշանակութիւն ունի։ 

“Հայաստանի իր զինուած կազմաւորումները ետ չքաշելը՝ հակառակ իր պարտաւորութիւններուն, Զանգեզուրի միջանցքի բացուելուն խոչընդոտ հանդիսանալը, Ղարաբաղ ապրող Հայերուն իրաւունքներու պաշտպանութեան պատրուակով՝ Ազերպայճանի ներքին գործերուն միջամտելը, ինչպէս նաեւ խոչընդոտներ ստեղծելը Ղարաբաղի հայկական ծագումով բնակիչներու վերահամարկման հարցին մէջ, տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ հանդարտութեան կարեւորագոյն սպառնալիքներէն են”,– ըսած է Պայրամով։