Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի Դիմագիրքի պաշտօնական էջը փակուած է՝ ազերպայճանական կողմի շարունակական բողոքներուն հետեւանքով:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն կը հաղորդեն, թէ Ազերիները ամիսներէ ի վեր շարունակական բողոք կը ներկայացնէին Յարութիւնեանի Դիմագիրքի էջին դէմ, որու հետեւանքով ալ աստիճանաբար մեծ սահմանափակումներ դրուած էին էջին վրայ: Իսկ վերջին շրջանի բողոքներուն հետեւանքով Օգոստոս 26-ին էջը բոլորովին անհասանելի դարձած է: Էջին պատասխանատուները սահմանուած ընթացակարգով իրենց բողոքը յղած են Դիմագիրքի ներկայացուցիչներուն՝ պահանջելով տեղեկացնել էջը փակելու որոշումին հիմքը ու փակման որոշումը ջնջել:
Արայիկ Յարութիւնեանի էջը ունէր 459.000 հետեւորդ եւ կարեւոր դեր կը խաղար Արցախի նախագահի գործունեութեան թափանցիկութեան ապահովման մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։