Օգոստոս 28-ին, Փարիզի մէջ կայացած դեսպաններու հետ հանդիպումին, նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն անդրադարձաւ նաեւ Արցախեան հարցին։ Ան յայտնեց, թէ հանդէս պիտի գայ դիւանագիտական նոր նախաձեռնութեամբ՝ Արցախեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար։
“Այս շաբաթ քննարկումներ պիտի ունենամ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ։ Մենք պիտի պահանջենք Լաչինի մարդասիրական միջանցքին շուրջ գոյացած համաձայնութիւններու լիակատար գործադրումը։ Մտադիր ենք միջազգային մակարդակով սաստկացնել ճնշումը Պաքուի վրայ, որ կը շարունակէ շրջափակուած պահել Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճամբան”,– նշած է նախագահ Մաքրոն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։