Սեպտեմբեր 6-ին, ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի «Թոմ Լանթոս» Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին մէջ Արցախին նուիրուած ունկնդրութիւններու ժամանակ, նոյն յանձնաժողովի համանախագահ Քրիսթոֆըր Սմիթ յայտարարած է. “Սա սարսափելի յանցագործութիւն է, ցեղասպանութիւն է` որ կ՚իրագործուի Ազերպայճանի իշխանութիւններուն, բռնապետ Ալիեւի կողմէ”։
Ան շեշտած է, թէ 120 հազար Հայեր կը տառապին Ազերպայճանի կառավարութեան վարած հայատեաց քաղաքականութեան պատճառով:
Սմիթ տեղեկացուցած է, թէ իրենք Արցախի մարդկային իրաւանց առըն-չութեամբ նոր օրինագիծ մը պատրաստելու ուղղութեամբ կ՚աշխատին:
“Ազերպայճան կ՚ուզէ Լեռնային Ղարաբաղը ընդգրկել իր կազմին մէջ եւ այդ նպատակին կը փորձէ հասնիլ ցեղասպանութեան միջոցով։ Այդ երկիրը չի փորձեր լուծումներ առաջարկել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար”,– նշած է Սմիթ՝ շեշտելով որ 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ազերպայճան կտրած է Արցախի կապը արտաքին աշխարհին հետ՝ փորձելով ժողովուրդը մատնել սովամահութեան։
Ան յայտարարած է, թէ ԱՄՆ-ու կողմէ Ազերպայճանին որեւէ աջակցութիւն կը դիտուի իբրեւ յանցակցութիւն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։