Search
Close this search box.

Արման Թաթոյեան. «Ազերպայճանական կողմը Հայաստանի ու Արցախի հետ սահմանին կը կուտակէ նաեւ յատուկ նշանակութեան զօրքեր (Եաշմա եւ Քոմանտօ)»

Իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին կատարած գրառումով կը հաղորդէ, թէ ուսումնասիրութիւնները կ՚ապացուցեն, որ ազերպայճանական կողմը Հայաստանի ու Արցախի հետ սահմանին կը կուտակէ նաեւ յատուկ նշանակութեան զօրքեր: «Սա այն նոյն ձեռագիրն է, որ կար 2020 Սեպտեմբեր 27-էն առաջ»,– գրած է ան ու աւելցուցած, որ նշեալ ստորաբաժանումները թէ´ 2016 Ապրիլեան քառօրեայ, թէ´ 2020-ի 44-օրեայ, թէ´ 2022 Սեպտեմբեր 13-14-ին Ազերպայճանի սանձազերծած պատերազմներուն ուշադրութիւն գրաւած են իրենց յատուկ դաժանութիւններով (խոշտանգումներ, մարմնի մասնատումներ եւ այլն):

«Անկախ ամէն ինչէ` այս զինեալ ստորաբաժանումները պատերազմական յանցանքներ գործողներ են եւ անոնցմէ ոչ մէկը կը պատժուի, զանոնք հովանաւորողն ալ ազերպայճանական բարձրագոյն իշխանութիւնն է»,– կը գրէ Թաթոյեան: