Search
Close this search box.

Արցախի իշխանութիւնները որոշած են թոյլ տալ Ասկերան քաղաքէն ռուսական բեռներու մուտքը

Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնէն կը հաղորդեն, թէ Ռուսաստանի կառավարութիւնը հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ՝ նկատի ունենալով երկրին մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը:

«Օգնութիւնը, որ կը պարունակէ ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութեան ապրանքներ, վերջերս Արցախ ղրկուած է ռուսական Կարմիր խաչի միջոցով՝ այդ կազմակերպութեան բեռնակառքերով: 

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, մեկնելով Ազերպայճանի պարտադրած պաշարման հետեւանքով յառաջացած սուր մարդասիրական խնդիրները մեղմելու անհրաժեշտութենէն, որոշեցին թոյլ տալ Ասկերան քաղաքէն ռուսական բեռներու մուտքը մեր Հանրապետութիւն:

Միաժամանակ, ըստ գոյացած համաձայնութեան՝ պիտի վերականգնուի Բերձորի միջանցքով մարդասիրական բեռներու փոխադրութիւնները ռուս խաղաղապահներու եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի կողմէ»,– նշուած է Կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ։

*  *  *

275 օրէ ի վեր շրջափակուած եւ Յունիս 15-էն ի վեր ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ խեղդուած Արցախ ռուսական մարդասիրական ԱՌԱՋԻՆ օգնութիւնը կը հասնի շա՜տ տարօրինակ «զուգադիպութեամբ» ճիշդ այն օրը, երբ նոր նախագահ կ՚ընտրուի։

Առանց մեկնաբանութեան…

*  *  *

Շատ կարեւոր է նաեւ նշել, որ Արցախի իշխանութիւնները նման որոշում կայացուցած ըլլալով հանդերձ, դեռ բոլորովին անորոշ կը մնայ այդ բեռներու հարցը։ Որովհետեւ, մեզի հասանելի տեսանիւթեր կը վկայեն, որ Ակնայէն Արցախ մուտքի ճամբան դեռ ամբողջովին փակուած է կրախիճէ պատնէշներով եւ հոն ստեղծուած այդ անցակէտին հսկողներն ալ վճռած կը թուին ըլլալ՝ որեւէ կերպով, որեւէ բեռան այդ ճամբով երկիր մուտքը արգիլել։ Անոնք կը պնդեն, թէ իրենց համար միակ ընդունելի տարբերակը Բերձորի միջանցքի բացումն է, հաւաստելով նաեւ, որ ոչ մէկ կառք անցած է հոդկէ եւ ոչ ալ կրնայ անցնիլ։ Անոնց յայտարարութիւններով նաեւ կասկած կը ծագի խնդրոյ առարկայ բեռներու «ակունք»-ին մասին։ Այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, թէ ռուսական կառքերով՝ ազերպայճանական բեռներ կը փոխադրեն։ Բայց այս ամբողջը կը մնայ խիստ անորոշ, ինչպէս վերեւ ալ նշեցինք։