Եւրոպայի ռաբունական կեդրոնին նախաձեռնութեամբ,– որ կը համախմբէ ամբողջ ցամաքամասի աւելի քան 800 ռաբունի եւ հրէական համայնք,– եւրոպացի առաջատար 50 ռաբունիներ ստորագրած են միացեալ նամակ մը, ուր կը դատապարտեն Հայաստանի առաջնորդները, «դրացի Ազերպայճանի դէմ արշաւի ծիրին մէջ՝ “հոլոքոսթեան” իրենց հռետորաբանութեան համար»։ Նամակին մէջ, որ յղուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ու նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին, կ՚ըսուի թէ՝ «տեղին չէ “կեթթօ”, “ցեղասպանութիւն”, “հոլոքոսթ” եւ նման այլ արտայայտութիւններ (…) գործածելը որեւէ տեսակի քաղաքական տարակարծութեան ընթացքին»։ Ռաբունիները նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնեն Իրանի հետ Հայաստանի սերտ կապերուն նկատմամբ՝ նշելով, որ այդ երկիրը «շարունակաբար, բացայայտօրէն եւ հրապարակաւ կոչ կ՚ընէ ոչնչացնելու աշխարհի հրէական միակ պետութիւնը»։
Այս նամակը յաջորդած է Հայաստանի ղեկավարներու՝ Արցախի հարցով վերջերս ունեցած հանդիպումներուն եւ նոյն հարցով յայտարարութիւններուն: Արդարեւ, վարչապետ Փաշինեան՝ AFP-ին տուած վերջին հարցազրոյցին զուգահեռներ գծած էր Հոլոքոսթի եւ Հրեաներու համար Եւրոպայի մէջ նացիներու ստեղծած կեթթօներու եւ այլն, եւ ներկայիս Արցախի դէմ Ազերպայճանի գործողութիւններուն միջեւ: Այդ հարցազրոյցին Փաշինեան ըսած էր. «Եկէք վերադառնանք Հոլոքոսթին (…) Հիթլէր իշխանութեան գլուխ եկաւ եւ յաջորդ առաւօտ ան թուրը ճօճեց եւ փողոցներու մէջ Հրեաներու հալածանքի՞ ձեռնարկեց։ Ո՛չ. այդ տեւեց տարիներ, գործընթաց էր (…) Այսօր Արցախի մէջ կեթթօ ստեղծած են՝ բառիս բուն իմաստով»։ Քանի մը օր առաջ ալ, ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած ուրիշ մէկ յայտարարութեան մէջ հայ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը Ազերպայճանցիները համեմատած էր Հիթլէրի հետ՝ ըսելով, որ «Ազերպայճան Արցախին պարտադրած իր շրջափակումով կը յիշեցնէ Հիթլէրի “սովի դէմ պայքար”-ի ծրագիրը։ Երկուքն ալ տառապանքի մատնեցին անմեղ բնակչութիւններ»։
Իրենց նամակին մէջ ռաբունիները կոչ կ՚ընեն հայ առաջնորդներուն «պարզ եւ անսեթեւեթ յստակացնելու, որ հայ ժողովուրդը կը ճանչնայ եւ կը յարգէ հրեայ ժողովուրդին կրած սարսափելի մարդկային տառապանքը» ինչպէս նաեւ դադրեցնելու «հրեայ ժողովուրդի տառապանքին նսեմացումը, անոր ենթարկուած Հոլոքոսթին առնչուող բառամթերքի օգտագործումով՝ քաղաքական որեւէ նպատակով»։
* * *
Հոս բնաւ անտեղի պիտի չըլլար յիշեցնել, թէ ամբողջ Եւրոպայէն աւելի քան 500 ռաբունիներ Նոյեմբեր 12-15 պիտի համախմբուին Ազերպայճանի մէջ՝ Հրէից կրօնական առաջնորդներու համաժողովի երկամեայ համագումարին առիթով։ Այս մէկը մահմետական երկրի մը մէջ կազմակերպուած նմանօրինակ առաջին հանդիպումն է։
Աւելցնենք, թէ ծանօթ կայքագրող Ալեքսանտր Լափշին՝ վերոնշեալ նամակի նախաձեռնութիւնը, իսկ ֆրանսացի ծանօթ պատմագէտ Մարք Քնոպէլ՝ Ազերպայճանի մէջ ռաբունիներու համագումար կազմակերպելու որոշումը խստիւ դատապարտած են, երկուքն ալ յայտարարելով՝ «Հրեայ եմ, ու կ՚ամչնամ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։