2023 Յունուարին ալ խրտուիլակը կախեր էին
Շուէտի խորհրդարանի շէնքին առջեւ այրած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խրտուիլակը: Թրքական լրասփիւռներուն համաձայն՝ ոստիկանութիւնը պարզապէս հետեւած է միջադէպին:
Կը հաղորդուի, թէ արարքը կազմակերպած են Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) կողմնակիցները:
Նշենք, որ Շուէտ կը սպասէ Անգարայի կողմէ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան իր դիմումին վաւերացման։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։