Search
Close this search box.

Ազերպայճան կը յուսայ ձերբակալել «անցանկալի» Հայերը՝ Բերձորի միջանցքի ապօրինի անցակէտին միջոցով

 

Պաքու կ՚ակնարկէ անցակէտի տեղադրման իրական նպատակներուն 

Սեպտեմբեր 15-ին, Ազերպայճանի գլխաւոր դատախազ Քամրան Ալիեւ լրագրողներուն ըսած է, թէ «Լաչինի անցակէտի տեղադրումէն ետք աշխատանքները թափ առած են շուրջ 400 հետախուզուողներու ձերբակալման եւ անոնց հետաքննութեան ուղղութեամբ»։ Ան աւելցուցած է. «Ղարաբաղի մէջ յանցանք գործած քանի մը Հայեր ալ ձերբակալուած են։ Կը յուսամ այս կապակցութեամբ ապագային առաւել դրական արդիւնքներու կը հասնինք»։