Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այցելած են Բերձորի միջանցքին սկզբնամասը

 

«Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այցելած են Բերձորի միջանցքին սկզբնամասը։ 

«Սեպտեմբեր 13-ին մենք այցելեցինք Լաչինի միջանցքին սկզբնամասը, որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան է։

Արդէն 9 ամիս է, որ Ազերպայճան փակած է այդ ճամբան։ Երկու ամիս է՝ այնտեղ արգիլուած է նոյնիսկ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներուն մուտքը։

Լեռնային Ղարաբաղի 120.000 քրիստոնեայ Հայեր սովամահ կ՚ըլլան: Սա ցեղասպանութիւն է»,– նշուած է կազմակերպութեան X-ի էջին վրայ: