Search
Close this search box.

Շառլ Միշէլ. «Ազերպայճան պէտք է անյապաղ դադրեցնէ իր ռազմական գործողութիւնը»

 

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ կոչ ըրած է Ազերպայճանին անյապաղ դադրեցնելու իր ռազմական գործողութիւնը։

Միշէլ X-ի իր հաշիւին տեղադրած է հետեւեալ գրառումը.

«Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւնները պէտք է անյապաղ դադրեցուին՝ Պաքուի եւ Ղարաբաղի Հայերուն միջեւ ճշմարիտ երկխօսութիւն թոյլ տալու համար»: