Սեպտեմբեր 21-ին, Եւլախի մէջ կ՚ընթանային բանակցութիւններ՝ Արցախի ներկայացուցիչներուն եւ Ազերպայճանցիներու միջեւ։ Արցախեան կողմը կը ներկայացնէ Ազգային ժողովի «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան երեսփոխան Դաւիթ Մելքումեան, իսկ ազերպայճանական կողմը՝ երեսփոխան Ռամին Մամետով: Վերջինս անցնող Մարտ ամսուն Ալիեւի կողմէ արդէն նշանակուած էր հայ բնակչութեան հետ շփումներու համար։
Մամետով ծնած է Արցախի Մարտակերտ քաղաքը:
Յիշեցնենք, որ նախորդ օրը Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները՝ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար ընդունած էին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան առաջարկը՝ կրակի դադրեցման վերաբերեալ:
Համաձայնութիւն գոյացած է՝
– դուրս բերել Հայաստանի Հանրապետութեան՝ [Արցախի մէջ] մնացած զինուած ուժերը՝ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման գօտիէն («ՆՅ» – հակառակ անոր, որ Հայաստան բազմիցս հերքած է նման ներկայութիւն)
– ամբողջովին զինաթափել Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինեալ խմբաւորումները,
– Արցախի տարածքէն դուրս բերել զինամթերքը եւ անմիջապէս յանձնել ազերպայճանական ուժերուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։