Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու եւ Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Երեւան ժամանած են

Սեպտեմբեր 25-ին, Երեւան ժամանած են ԱՄՆ-ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ Միջազգային զարգացման գործակալութեան  (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուըր եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերու օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ, հաստատելու ԱՄՆ-ու աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ քայլերու ձեռնարկելու Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին բռնութիւններէն բխող մարդասիրական կարիքներու բաւարարման ուղղութեամբ։

Այս կապակցութեամբ ԱՄՆ-ու դեսպանութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ արժանապատիւ ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու Հայաստանի ջանքերուն։

Ամերիկացի հիւրերը նոյն օրը հանդիպում ունեցած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Տիկին Փաուըր վարչապետին յանձնած է նախագահ Ճօ Պայտընի նամակը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Ձեզի եւ Հայաստանի ժողովուրդին կը յղեմ իմ լաւագոյն մաղթանքները Անկախութեան տօնին առթիւ։ Այս վեհ առիթին զուգահեռ, մենք նաեւ կը սգանք Լեռնային Ղարաբաղի Հայերուն մահը։ 

(…) Միացեալ Նահանգներ յանձնառու է աշխատելու ձեր կառավարութեան հետ` հասցէագրելու վերջին բռնութիւններու հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական կարիքները։ Մենք նաեւ կը շարունակենք ամրապնդել մեր համագործակցութիւնը ուժանիւթի եւ ապահովութեան հարցերու բնագաւառին մէջ, որոնց ապացոյցն է մեր վերջին ռազմափորձերը։

Հայաստանի հարուստ պատմութիւնը ամէնուրեք ոգեշնչած է մարդիկ՝ ձգտելու ազատութեան եւ արդարութեան: Իսկ ամերիկահայ համայնքը կը շարունակէ ուժի աղբիւր մնալ իմ սեփական երկրին մէջ: Կը յուսամ՝ յառաջիկային առաւել կ՚ամրապնդուին մեր պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերը»։

Սամանթա Փաուըր այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։

Վարչապետը ընդունած է նաեւ Ռուսաստանի Ներքին գործոց նախարարը

Նիկոլ Փաշինեան նոյն օրը ընդունած է նաեւ Ռուսաստանի Ներքին գործոց նախարար Վլատիմիր Քոլոքոլցեւը:

Հանդիպումին վարչապետը ընդգծած է երկու երկիրներու Ներքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ սերտ համագործակցութիւնն ու հետեւողական աշխատանքները՝ յանցագործութեան դէմ պայքարի շրջածիրին մէջ։

Ռուս նախարարը Երեւանի մէջ կը մասնակցի երկու երկիրներու Ներքին գործոց  նախարարութիւններու միացեալ նիստին։