Սեպտեմբեր 23-ին Մեծն Բրիտանիոյ հայ համայնքի նախաձեռնութեամբ՝ Լոնտոնի մերձակայ հայահոծ Իլինկի մէջ բացումը կատարուած է անմար կրակի տեսքով խաչքարին՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:
Յուշարձանը, որ կառուցուած է տուֆէ, կը խորհրդանշէ հայկական ոգին, որ յաւերժական կրակի նման երբեք չի հանգիր։
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք իրենց նեդրումը ունեցած են այս ծրագրի իրագործման մէջ՝ գիտակցելով անոր կարեւորութեան՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը վառ պահելու տեսանկիւնէն։ Դեսպանը նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծած է այն Հայերուն վիճակը, որոնք այսօր Արցախի մէջ դէմ-յանդիման կը գտնուին ցեղասպանութեան եւ կ՚ենթարկուին ցեղային զտման, իրենց պատմական հայրենիքին մէջ իսկ։
Արարողութեան ներկայ եղած են խորհրդարանականներ, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ հայ համայնքի անդամներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։