Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է քննադատելով Ֆրանսայի մեղադրանքները իր երկրին վերաբերեալ, թէ Ազերպայճան Հայաստանի տարածքէն 150 քառակուսի քիլոմեթր գրաւած է:
«Ֆրանսա ներկայիս աչք կը գոցէ ազերպայճանական 8 գիւղի բռնագրաւման վրայ: Ազերպայճան ո՛չ մէկուն հողերը գրաւած է, եւ այն պնդումը, թէ երկու երկիրներու չսահմանազատուած հատուածի տարածքները, ուր տեղակայուած են ազերպայճանական ուժեր, կը պատկանին Հայաստանին, կը հակասէ որեւէ տրամաբանութեան»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Բացի ասկէ, Պաքու Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնը մեղադրած է «անհիմն հակաազերպայճանական պնդումներ» կատարելուն համար:
Խօսքը կը վերաբերի Հոկտեմբեր 5-ին Կրանատայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին Մաքրոնի՝ Հայաստանի, Եւրոպական խորհուրդի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու մասնակցութեամբ հնգակողմ հանդիպումէն Ազերպայճանի նախագահի հրաժարման վերաբերեալ յայտարարութեան:
Պաքու հերքած է Ֆրանսայի պնդումը, թէ Ազերպայճան եւ Թուրքիա հրաժարած են մասնակցելէ հանդիպումին՝ զայն որակելով «կեղծաւորութիւն»։ Ըստ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հանդիպման մասնակիցները տեղեակ եղած են, որ նոյնինքն Ֆրանսա հաւանութիւն չէ տուած համաժողովին Թուրքիոյ մասնակցութեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։