Հոկտեմբեր 6-ին Հայաստան ժամանած է Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) Ճգնաժամային կառավարման հարցերու յանձնակատար Եանեզ Լենարչիչ։
Ան նոյն օրը Երեւանի Մարդասիրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ ԵՄ-ը խստօրէն կը դատապարտէ Սեպտեմբեր 19-ի ազերպայճանական ռազմական գործողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նկատմամբ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, յատկապէս Արցախէն տեղահանուածներուն:
Ան այս կապակցութեամբ X-ի իր էջին գրած է.
«Լեռնային Ղարաբաղի գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութիւնը փախած է Հայաստան։ Այսօր ես Երեւան եկած եմ՝ արտայայտելու ԵՄ-ի անսասան զօրակցութիւնը բոլոր անոնց, որոնք հարկադրաբար լքած են իրենց բնակավայրերը, ինչպէս նաև Հայաստանին եւ կարիքաւորները հիւրընկալող համայնքներուն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։