Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեան, «Ազատութիւն» լրասփիւռի խնդրանքով անդրադառնալով Ազերպայճանի կողմէ Արցախի նախկին ու ներկայ պաշտօնատարներու ձերբակալութիւններուն, յայտնած է, թէ խախտուած է անոնց անմեղութեան կանխավարկածը։
«Ադրբեջանական հասարակութիւնը եւ պաշտօնատար անձինք նրանց արդէն իսկ պիտակաւորում են որպէս յանցագործ, մինչդեռ վերջիններիս մեղքը դեռևս ապացուցուած չէ օրէնքով սահմանուած կարգով, դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով։ Այդ պայմաններում կասկածի տակ է դրւում անկախ եւ անկողմնակալ դատարանի կողմից արդար դատաքննութեան իրաւունքի երաշխաւորման հնարաւորութիւնը»,– ընդգծած է ան։
Ընդհանուր առմամբ, ըստ Մանասեանի, Ազերպայճանի մէջ ամէնէն բարձր մակարդակով կը հովանաւորուի եւ կ՚իրականացուի հայատեացութիւնը, որու մասին կը վկայեն նաեւ միջազգային կառոյցներու հրապարակած զեկոյցները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։