Search
Close this search box.

Ալիեւ՝ Միշէլին. «Եթէ տարածաշրջանին մէջ որեւէ նոր բախում տեղի ունենայ, յանցաւորը Ֆրանսան պիտի ըլլայ»

Հոկտեմբեր 7-ին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։  

Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներու՝ Ալիեւ յայտնած է, թէ «Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին զէնքի մատակարարումը կը ծառայէ ոչ թէ խաղաղութեան, այլ նոր հակամարտութեան։ Հետեւաբար եթէ տարածաշրջանին մէջ որեւէ նոր բախում տեղի ունենայ, յանցաւորը Ֆրանսան պիտի ըլլայ»։

Ան նաեւ ընդգծած է, թէ «Ազերպայճանի 8 գիւղեր (շրջապատուած տարածքներ – enclave-ներ) Հայաստանի վերահսկողութեան տակ կը գտնուին, որոնք պէտք է ազատագրուին»։

Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան անդրադառնալով Ալիեւի՝ 8 գիւղեր պահանջելու վերաբերեալ յայտարարութեան, ըսած է, թէ այժմ Ազերպայճան պիտի պահանջէ Տաւուշի, Արարատի եւ Վայոց Զորի շարք մը բնակավայրերու յանձնումը։

“Ինչպէս որ կը կանխատեսուէր, Ալիեւ՝ Արցախի հարցը լուծելէ եւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը Կրանատայի փաստաթուղթով ճանչնալէն ետք, այժմ  կը խօսի այսպէս կոչուած «շրջապատուած տարածքներ»-ու մասին։ Եւ այդ պիտի ըլլայ յառաջիկայ բոլոր բանակցութիւններուն նիւթը։ Պատերազմն ալ բացառուած չէ”,– ըսած է ան։

Իսկ իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան նշած է.

“Այսօր Պաքուի բարբարոս վարչախումբի պարագլուխը Շառլ Միշէլի հետ հեռաձայնային զրոյցին կրկին բարբաջած է Հայաստանի կողմէ իբրեւ թէ «բռնագրաւուած 8 գիւղերու» մասին։ Ըստ երեւոյթին Ալիեւ փորձած է ստանալ Եւրոպայի աջակցութիւնը՝ թուրք-ազերպայճանական երազանքի, այսպէս կոչուած «Թուրանական միջանցք»-ին համար”։