Հոկտեմբեր 18-ին, Պաքուի դատարանին մէջ շարունակուած է դատական խեղկատակութիւնը՝ արցախցի առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի դէմ։
Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ «տուժողներէն» մէկը յայտարարած է, թէ ամբաստանեալը այրած է Ազերպայճանցիներ, եւ ատոր համար պէտք է «փորել անոր աչքերը եւ կտրել լեզուն»։
«Ե՞ս այրեր եմ Ազերպայճանցիներ։ Ես այնտեղ չեմ եղած։ Դուն այնտեղ ո՞ւր տեսած ես զիս»,– քանի մը անգամ հարց տուած է Խաչատրեան, որմէ ետք «տուժող»-ը լռած է։
Նշենք, թէ Վ. Խաչատրեան մասնակցած է Արցախեան առաջին պատերազմին։ Ան առեւանգուած է Կարմիր Խաչի ուղեկցութեամբ Բերձորի միջանցքէն անցնելու ատեն։ Մարտական գործողութիւններուն մասնակցելուն համար Ազերպայճանի իշխանութիւնները Խաչատրեանին դէմ յարուցած են ծանր յանցագործութիւններու մեղադրանք։ Հակառակ Պաքուի ակնյայտ անօրինական բռնարարքներուն, այդ կարգին՝ Կարմիր Խաչի պաշտպանութեան ներքոյ մէկու մը առեւանգումը, Խաչատրեան ոչ միայն ազատ չէ արձակուած, այլեւ յայտնուած է մեղադրեալի աթոռին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։