Սպանիոյ խորհրդարանի եօթը խմբակցութիւններ Հոկտեմբեր 17-ին հրապարակուած յայտարարութեամբ խստօրէն դատապարտած են Արցախի դէմ Ազերպայճանի կատարած ռազմական գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով հազարաւոր Հայեր բռնի տեղահանուեցան։ Անոնք շեշտած են, թէ «որեւէ արդարացում չունեցող այդ յարձակումը սպառնալիք է տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան համար»։
Սպանացի օրէնսդիրները Ազերպայճանէն պահանջած են անյապաղ դադրեցնել թշնամական գործողութիւնները՝ յիշեցնելով, որ այդ պետութիւնը օրին վաւերացուցած է Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրը։ Անոնք դատապարտած են հայկական կողմին մարդկային կորուստներ պատճառած ազերպայճանական բռնարարքները՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի հայ բնակչութեան։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ եւ պէ՛տք է նպաստէ հակամարտութեան բանակցային ու մնայուն լուծման ջանքերուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։