Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները տեսակցած են Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին ղեկավարներուն հետ

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագրերու պատասխանատու Զառա Ամատունի հաղորդած է, թէ ԿԽՄԿ-ի Պաքուի պատուիրակութեան ներկայացուցիչները տեսակցած են Ազերպայճանի առեւանգած եւ ապօրինի բանտարկած Արցախի նախկին ղեկավարներուն հետ։

“Հանդիպումը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 20-ին, ԿԽՄԿ-ի սովորական ընթացակարգերու շրջանակին մէջ։ Բանտարկուածներուն առիթ տրուած է կապ հաստատելու իրենց հարազատներուն հետ”,– նշած է Ամատունի եւ ընդգծած, թէ նման տեսակցութիւնները շարունակական պիտի ըլլան։