Search
Close this search box.

Փաշինեան. «ԼՂ-ից բռնի տեղահանուածներին կը տրուի ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ»

Հոկտեմբեր 25-ին, Խորհրդարանին մէջ կառավարութեան ուղղուած հարցում-պատասխանի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, թէ Արցախէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներուն Հայաստանի կառավարութիւնը առժամեայ պաշտպանութեան կարգավիճակ պիտի տայ։ Այս հարցը պիտի քննարկուի կառավարութեան յաջորդ նիստին։

“Մենք դա անում ենք արձանագրելու համար Ղարաբաղից բռնի տեղահանուած անձանց փախստական լինելու հանգամանքը, որպէսզի ե՛ւ տեղական, ե՛ւ միջազգային առումով նրանց իրաւունքները պաշտպանելու հնարաւորութիւնները ընդլայնուեն”,– ըսած է վարչապետը, եւ աւելցուցած, թէ այդ որոշումէն ետք Արցախէն բռնի տեղահանուածները Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու կարելիութիւն կ՚ունենան, կը լուծուին նաեւ հանրային ծառայութեան մէջ զանոնք ընդգրկելու հարցերը։

Յաջորդ օրն ալ կառավարութիւնը հաստատած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն «առժամեայ պաշտպանութեան կարգավիճակ» տրամադրելու կարգը։

Ներքին գործոց փոխնախարար Արփինէ Սարգսեան ալ յայտնած է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի կապոյտ անձնագրերը քաղաքացիութիւնը ապացուցող փաստաթուղթեր չեն։ Անոնք տրուած են Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներուն որպէս ճամբորդական փաստաթուղթեր. այս պարագան արձանագրուած է նաեւ եւրոպական ատեաններու վճիռներու մէջ»։