Հոկտեմբեր 25-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Գանատայի դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը, Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի մասնակցութեամբ։
Բացման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Մելանի Ժոլի նոյն օրը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։
Ան հանդիպում ունեցած է նաեւ վարչապետ Փաշինեանի հետ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։