Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի այցելած է Ջերմուկի շրջանի հայկական մարտական դիրքերը, ծանօթացած՝ սահմանային կացութեան։
Հայկական զինեալ ուժերու հրամանատար Սասուն Բադասեան տեղեկութիւններ հաղորդած է այդ հատուածին մէջ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն գրաւման վերաբերեալ։ Ան նշած է, թէ Ազերպայճան այդ շրջանէն գրաւած է 7600 հեկտար տարածութիւն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։