Search
Close this search box.

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար. «Ազերպայճանի դէմ պատիժներ կիրարկելու հարցը այժմ դրուած է սեղանին»

Հոկտեմբեր 25-ին, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի Հայաստանի իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի դէմ պատիժներ կիրարկելու հարցը այժմ դրուած է սեղանին։ 

“Գանատա բարձր կը գնահատէ Հայաստանի ջանքերը՝ ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։ Բոլորս համակարծիք ենք, որ տակաւին պէտք է աւելին ընել։ Գանատա կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանին յարգելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ կը վերահաստատէ ուժ չգործադրելու սկզբունքին հետեւելու կարեւորութիւնը։ Գանատա նաեւ կոչ կ՚ուղղէ Ազերպայճանի կառավարութեան ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղէն վերջերս տեղահանուած Հայերու անվտանգ վերադարձի իրաւունքը։ Մեր գործընկերներուն հետ շարունակաբար կ՚աշխատինք, որ մեղմենք պարզ քաղաքացիներու նկատմամբ Ազերպայճանի սանձազերծած չհիմնաւորուած ռազմական գործողութեան հետեւանքները, մա՛նաւանդ, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները ամիսներէ ի վեր կը գտնուէին անօրինական շրջափակման մէջ”,– յայտնած է նախարարուհին։

Ան հաւաստած է, որ իրենք ջանքեր կը գործադրեն՝ բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան մնայուն լուծում գտնելու ուղղութեամբ։

“Այսօր առաւել քան երբեք կարեւոր է, որ Գանատան եւ ամբողջ աշխարհը աջակցութիւն ցուցաբերեն հայ ժողովուրդին՝ 1915 թուականի ցեղասպանութեան հետեւանքները կրած անձերու սերունդներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած համայնքներուն։

Գանատա կ՚աւելցնէ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներուն համար նախատեսուած մարդասիրական աջակցութիւնը՝ ընդհանուր գումարը հասցնելով 3,9 միլիոն տոլարի, որ կը ներառէ լրացուցիչ մէկ միլիոն տոլար գանձատրումը ՄԱԿ-ի Գաղթականներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին՝ ուղղուած փրկելու մարդոց կեանքերը։ 2,5 միլիոն տոլար գանձատրում ալ՝ Կարմիր Խաչին, որ կ՚օգնէ մեղմելու ժողովուրդի տառապանքը եւ հրատապ խնամք կը կազմակերպէ կարիքաւորներուն համար, որոնք հանգամանքներու բերումով տեղահանուած են հարիւրամեակներէ ի վեր իրենց հայրենիքը համարած Լեռնային Ղարաբաղէն”,– ընդգծած է Տիկին Ժոլի աւելցնելով, թէ յաջորդ օրը (Հոկտեմբեր 26-ին) կը մեկնի Ջերմուկ՝ տեղւոյն վրայ հանդիպելու տեղահանուած ընտանիքներուն՝ անոնց առնչուող հարցերը քննարկելու տեղական ղեկավարներուն հետ։  

“Հայկական ծագում ունեցող աւելի քան 60 հազար հոգի Գանատան կը համարեն իրենց հայրենիքը։ Գանատայի հայկական համայնքը բաւական աշխուժ է։ Ան էական ներդրում ունի զանազան քաղաքներու հասարակական կեանքին մէջ։ Մեր երկիրը Հայաստանի կողքին է՝ աջակցելով հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութեան ու անկախութեան։ Մենք կը հաւատանք ձեր ժողովրդավարական նկրտումներուն եւ պատրաստ ենք աշխատելու ձեզի հետ՝ զանոնք իրականութիւն դարձնելու համար”,– եզրափակած է դիւանագէտը։